Փաշինեանն Ու Կենակիցը Գռեհիկ Զրպարտութիւններ Կը Կատարեն Հայոց Եկեղեցին Վարկաբեկելու Համար

Փաշինեանն Ու Կենակիցը Գռեհիկ Զրպարտութիւններ Կը Կատարեն Հայոց Եկեղեցին Վարկաբեկելու Համար
shadow
Փաշինեան իր անբնական վարքագիծի այլ օրինակ մը դրսեւորեց նախորդ շաբաթուան կառավարութեան նիստին, երբ անհիմն մեղադրանքներ ուղղեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան: «Ես ձեզ պաշտօնապէս ասում եմ, որ մեր եկեղեցիները չուլանացուած (խորդանոց) են, չու-լա-նաց-ուած: Ո՛վ որտեղ ինչ-որ ոչ պէտքական ապրանք ունի, գնում ես, տեսնում ես ինչ-որ աւելացուած մետլախ (սալիկ), պարկով ցեմենտ (կրաղիւս), աբալովկի (մետաղէ յենարաններ) հին կտորներ, արմատուրայի (շինարարական ամրաններ) հին, ժանգոտ կտորներ»: Այս յայտարարութիւնը կեղծ եւ անհիմն յարձակում է Հայ եկեղեցւոյ վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ ան չի նշեր նման վիճակի մէջ գտնուող որեւէ եկեղեցի: Վարչապետը, հաւանական է, տեսած է շինանիւթեր, որոնք մթերուած են եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ընթացքին:

Փաշինեանն Ու Կենակիցը Գռեհիկ Զրպարտութիւններ Կը Կատարեն Հայոց Եկեղեցին Վարկաբեկելու Համար

 

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Վերջին ամիսներուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յաճախակիօրէն կ՛ունենայ անկայուն վարքագիծի դրսեւորումներ, որոնք լրջօրէն հարցականի տակ կը դնեն անոր մտային իրավիճակը: Խորհրդարանական ելոյթներուն ընթացքին ան կը ճչայ հարցում ուղղողներուն վրայ, կատաղի կերպով կը թափահարէ ձեռքերը եւ նոյնիսկ կը սպառնայ բանտարկել իր քաղաքական հակառակորդները: Նման կեցուածք թէ՛ արտառոց է եւ թէ՛ ամբողջովին անպատշաճ՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի մը համար:

Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ էր Փաշինեանի հոգեվիճակը արցախեան պատերազմէն առաջ, անիկա բացայայտօրէն վատթարացած է 2020 թուականին անոր ղեկավարութեան շրջանին Հայաստանի կրած կործանարար պարտութենէն ետք: Սովորաբար աղէտալի հետեւանքներու համար պատասխանատու քաղաքական ղեկավարները, պատերազմի դաշտին վրայ մեծ կորուստներ կրած զօրավարներն ու  գործընկերները, որոնց վատ կառավարումը իրենց ընկերութիւններուն սնանկացում կը պատճառէ, շուտով հրաժարական կու տան կամ կը փոխարինուին աւելի բանիմաց անձնաւորութեամբ, որ կրնայ ստանձնել ղեկավարութիւնը եւ վերականգնել վնասը: Ցաւօք, Փաշինեանի հրաժարական տալու մերժումը միայն կը խորացնէ Հայաստանի վտանգաւոր վիճակը:

Փաշինեան իր անբնական վարքագիծի այլ օրինակ մը դրսեւորեց նախորդ շաբաթուան կառավարութեան նիստին, երբ անհիմն մեղադրանքներ ուղղեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան: «Ես ձեզ պաշտօնապէս ասում եմ, որ մեր եկեղեցիները չուլանացուած (խորդանոց) են, չու-լա-նաց-ուած: Ո՛վ որտեղ ինչ-որ ոչ պէտքական ապրանք ունի, գնում ես, տեսնում ես ինչ-որ աւելացուած մետլախ (սալիկ), պարկով ցեմենտ (կրաղիւս), աբալովկի (մետաղէ յենարաններ) հին կտորներ, արմատուրայի (շինարարական ամրաններ) հին, ժանգոտ կտորներ»: Այս յայտարարութիւնը կեղծ եւ անհիմն յարձակում է Հայ եկեղեցւոյ վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ ան չի նշեր նման վիճակի մէջ գտնուող որեւէ եկեղեցի: Վարչապետը, հաւանական է, տեսած է շինանիւթեր, որոնք մթերուած են եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ընթացքին:

Փաշինեանի անտեղի պոռթկումը բուռն բանավէճ յառաջացուց անոր եւ իրեն միացած Աննա Յակոբեանի (անոր կենակիցին, որովհետեւ անոնք ամուսնացած չեն) եւ քանի մը հոգեւորականներու միջեւ:

Դիմատետրի իր անպատշաճ գրառումներուն մէջ Փաշինեան կը պնդէ, որ «կուսակրօնութեան ուխտը խախտած բոլոր հոգեւորականները պէտք է հեռանան հոգեւոր ծառայութիւնից»: Ասիկա վարչապետին գործը չէ: Անոր յայտարարութիւնը յստակօրէն կը շրջանցէ իր լիազօրութիւնները եւ կը խախտէ եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական տարանջատումը:

Այնուհետեւ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան հարցում: Կաթողիկոսի թեկնածուները պէտք է անցնեն բարեվարքութեան ստուգում: Այս հարցը մէկընդմիշտ պէտք է լուծել»: Ասիկա եւս եկեղեցւոյ ներքին գործերուն անհիմն միջամտութիւն է` սահմանադրութեան խախտումով:

Վէճը ա՛լ աւելի սրեցաւ, երբ Փաշինեան ցնցիչ կերպով գռեհիկ կարծիք յայտնեց` պատասխանելով եպիսկոպոսի մը, որ իր նախորդ յայտարարութիւնը «ամօթալի» նկատած էր: Անհաւատալիօրէն վարչապետը Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալը գրեց. «Սրբազա՛ն, գնա՛ շարունակիր քեռուդ կնգան դոմփել, ինձ հետ ի՞նչ գործ ունես»: Նման բառամթրեք անվայել է Հայաստանի ղեկավարին եւ աւելի յարմար է փողոցային խուլիկանի համար:

17 հասարակական կազմակերպութիւններ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին՝ դատապարտելով Փաշինեանը կիները իբրեւ սեռային առարկաներ շահագործելու մէջ` իր հակառակորդներուն վրայ յարձակելու համար: Իմ կարծիքովս, Փաշինեանի գրածը զրպարտութիւն է, որ բաւարար հիմքեր կու տայ եպիսկոպոսին՝ իրաւական գործողութիւններու դիմելու: Ես բողոք ներկայացուցած եմ Դիմատետրին Փաշինեանի դէմ` համայնքային չափորոշիչները խախտելու համար` այս զրպարտչական յայտարարութեան հրապարակումով:

Ետ չմնալով՝ Փաշինեանի կենակից Աննա Յակոբեանը ա՛լ աւելի սրեց վէճը: Դիմատետրի իր էջին վրայ ան անվայել կերպով յայտարարեց. «Երկրի գլխաւոր մանկապիղծները չուլան բառից դիւահարուել են: Դէ ի հարկէ, այդպէս էլ պէտք էր լինէր. չէ՞ որ չուլանները սեւ սքեմ հագնող մոլագարների կեանքի մութ անկիւններն են: Հենց չուլաններում են տեղի ունենում այլասերուածութիւններ ․… »: Ան նաեւ քննադատեց նախորդ շաբաթ Զուիցերիոյ մէջ կայացած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի` Արցախի վերաբերող համաժողովը, որուն մասնակցեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հարցնելով. «Շուեյցարիայում ի՞նչ էք անում»: Այնուհետեւ ան ծաղրեց արցախահայերուն օգնելու ջանքերը. «Ո՞ւմ էք անվտանգ ուղարկում հարազատ բնօրրան, ո՞ւմ էք անյապաղ ազատում գերութիւնից: Դուք գիտէ՞ք` հոգեւորն ի՛նչ է: Ա՜յ քեզ նորութիւն: Երկրի գլխաւոր հոգեւոր մաֆիոզը (նկատի ունի Գարեգին Բ. կաթողիկոսը) ակնյայտօրէն վրդովմունքի մէջ է ընկել, որ չուլաններից խօսակցութիւն է բացուել. թէ չէ` ինչո՞ւ պէտք էր յարձակուէին պետութեան` ընտրուած ղեկավարի վրայ»: Աննան, ըստ երեւոյթին, կատղած է կաթողիկոսին փորձերէն` տապալելու Փաշինեանի կողմէ Արցախի յանձնումը:

Այնուհետեւ Աննա Յակոբեան Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակեց անպարկեշտ եւ զրպարտիչ յայտարարութիւն՝ զինք քննադատած լրագրող Պորիս Մուրազիի մասին: Ան գրեց. «Ըստ հաւաստի տեղեկութիւնների, Պորիս Մուրազին սեռական ծառայութիւններ է մատուցում Սերժ Սարգսեանին, եւ՝ վերջինիս ֆաւորիտ (նախընտրած) որոշ եպիսկոպոսների: Ինձ սրա մասին արդէն մի քանի տարի է ասում էին, չէի հաւատում: Հիմա արդէն ակնյայտ է: Կարծում եմ՝ տեսագրութիւններ էլ կը լինեն համապատասխան մարմինների դարակներում»: Այս վատոգի յարձակումը կը հատէ բարոյականութեան եւ պարկեշտութեան բոլոր կարմիր գիծերը: Մուրազին պէտք է դատ բանայ կատարուած զրպարտութեան համար: Ես Աննա Յակոբեանի կեղծիքներուն մասին արդէն արտայայտուած եմ Դիմատետրի վրայ։

Եթէ Փաշինեանն ու Յակոբեանը կաթողիկոսին հետ իրենց տարակարծութիւնները արտայայտէին քաղաքակիրթ լեզուով, որոշ չափով հասկնալի պիտի ըլլային: Սակայն նման ռամկական լեզուի օգտագործումը խիստ դատապարտելի է: Տարիներու ընթացքին ես բազմաթիւ անհամաձայնութիւններ ունեցած եմ տարբեր բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Հայաստանի նախկին ու ներկայ քաղաքական ղեկավարներու հետ, բայց երբեք չեմ դիմած վիրաւորական լեզուի օգտագործման: Կրնաս անհամաձայն ըլլալ` առանց տհաճ ըլլալու:

Փաշինեան իշխանութեան եկաւ 2018 թուականին` հայ հասարակութիւնը կեղծաւորութեամբ վստահեցնելով, որ պիտի գլխաւորէ «Սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան» շարժումը: Սակայն եօթը տարի ետք ակնյայտ է, որ ան ճի՛շդ հակառակը ըրած է: Ան չարաշահած է իր իշխանութիւնը` ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն տարածելու համար: Ազրպէյճանի լրատուամիջոցները ուրախութեամբ անդրադարձած են Հայ եկեղեցւոյ վրայ վարչապետին յարձակումներուն՝ զայն դնելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի գլխաւոր մուֆթի Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կողքին` եկեղեցին դատապարտելու առումով: Վերջ ի վերջոյ, Փաշինեանն ու անոր կենակիցը կարծես այս գռեհիկ յայտարարութիւնները կ՛օգտագործեն` շեղելու հանրութեան ուշադրութիւնը վարչակարգի վնասակար եւ հակահայ քաղաքականութենէն: Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներ Հայաստանի վերահսկողութենէն Ազրպէյճանին զիջելէ եւ Հայաստանի պետականութեան սրբազան խորհրդանիշներուն վրայ յարձակելէ ետք, այս զոյգը այժմ մտադիր է խաթարել 1700-ամեայ կրօնական կառոյցը, որ կեդրոնական դերակատարութիւն ունի հայ ինքնութեան մէջ:

Այս ազգային պատուհասէն ազատելու համար, նախքան անոր՝ Հայաստանը կործանելը, ես կ՛առաջարկեմ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառներուն՝ հրահանգել բոլոր հայկական եկեղեցիներուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, հնչեցնել զանգերը` կոչ ուղղելով հարիւր հազարաւոր հայերու՝ հաւաքուելու վարչապետին շէնքի առջեւ եւ մնալու հոն՝ մինչեւ Փաշինեանի հրաժարական տալը:

 

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus